Foto

Արամ Ա. Վեհափառը 100 լիբանանահայ երիտասարդների հետ խոսել է աղոթքի կարևորության մասին

Բիքֆայայի Սուրբ Աստվածածին վանքում 100 երիտասարդների մասնակցությամբ անցկացվել է «Աղոթական կյանքին» նվիրված համագումար

«Մայրավանքի Երիտասարդական Բաժանմունքը կազմակերպեց «Աղօթական Կեանք»ի նուիրուած միօրեայ երիտասարդական համագումար մը, Շաբաթ, 8 Օգոստոս 2026-ին, օրհնութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Առ այդ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ համախմբուեցան լիբանանահայ երիտասարդական զանազան միութիւններէ 100 երիտասարդներ։
Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Դպրեվանքի Ընծայարան բաժնի աշակերտները, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութենէն, Լիբանանի Հայոց Թեմի դպրաց դասերէն եւ կիրակնօրեայ վարժարաններէն, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութենէն, Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութենէն, Թէքէեան Մշակութային Միութենէն, Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ «Յոյսի Բանակ»ի յանախումբէն, Հայ Աւետարանական Ջանից ընկերակցութենէն եւ Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ երիտասարդականէն երիտասարդներ։

Երիտասարդական համագումարի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան։

Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն ուղղեց իր հայրական խօսքը՝ անդրադառնալով հոգեւոր եւ աղօթական կեանքի շարք մը էական հարցերու։ Ան 17 կարեւոր յիշեցումներ կատարեց՝ երիտասարդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով աղօթքի խորքին, անհրաժեշտութեան եւ ճիշդ կերպով աղօթելուն վրայ։

Բացման հանդիսութենէն անմիջապէս ետք սկսաւ համագումարին պատրաստուած յայտագիրը։ Երիտասարդները բաժնուեցան հինգ խումբերու, որոնց տրուեցան քրիստոնէական հինգ առաքինութիւններու անունները՝ Հաւատք, Յոյս, Սէր, Շնորհք եւ Խաղաղութիւն»։