Foto

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը մասնակցել է միջկրոնական գագաթնաժողովին

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ղազախստանում մասնակցել է միջկրոնական գագաթնաժողովին․

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ղազախիստանի պետութեան կողմէ հրաւիրուած է մասնակցելու 17-18 Սեպտեմբեր 2025-ին, Ասթանայի (Ղազախիստանի մայրաքաղաք) մէջ տեղի ունենալիք կրօնապետներու համաշխարհային գագաթնաժողովին։

Հայրապետը սոյն գագաթնաժողովին Ղազախիստան պետութեան կողմէ պաշտօնապէս հրաւիրուած էր 9 Յունիսին, երբ Լիբանանի Հանրապետութեան մօտ Ղազախիստան Հանրապետութեան դեսպան Ռասուլ Ճումալին այցելած էր Նորին Սրբութեան եւ պաշտօնական նամակ մը յանձնած էր անոր: Այս հանդիպումին դեսպանը փափաք յայտնած էր, որ Ղազախիստանի պետութեան եւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ գործակցութիւնը շարունակուի, յատկապէս միջ-կրօնական ծիրին մէջ։